Ճերմակ լուսին, ո՞ւր կ’երթաս…
–«Հիւղակներուն խաւարին
Կը տանիմ շողը լոյսին»:
Գընա՛, լուսին, դիւր կ’երթաս:
Գոհար լուսին, ո՞ւր կ’երթաս…
–«Դոյլերուն մէջ արծաթի
Կը տանիմ կաթ հիւանդի»:
Գընա՛, լուսին, դիւր կ’երթաս:
Լըռիկ լուսին, ո՞ւր կ’երթաս…
–«Կ’երթամ բերել ես քեզի
Յարիդ խոստումը կոյսի»:
Լուսի՛ն, լուսի՛ն, զո՜ւր կ’երթաս: